image

Թուրքիոյ հրդեհները միտումնաւո՞ր էին

Թուրքիոյ հրդեհները միտումնաւո՞ր էին
«Կրակի երեխաներ» կազմակերպութիւնը իր վրայ վերցուցած է Թուրքիոյ տարածքին Յուլիսի վերջէն տարածուող անտառային հրդեհներու պատասխանատուութիւնը: Այս մասին գրած է Yeni Safak թերթը։
 
«Կրակի երեխաներ»ը Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ստորաբաժանումն է, որու անդամները Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած են ահաբեկիչներ։ Կազմակերպութիւնը հրապարակայնօրէն յայտարարած է․
 
«Ժամանակն է ծունկի բերելու թրքական ռեժիմը կրակի միջոցով, քանի դեռ ան չի հասկնար այլ լեզու»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
 
Թերթը նշած է, որ «Կրակի երեխաներ»ը պարբերաբար անտառային հրդեհներ կը կազմակերպուին երկրին մէջ ՝ սկսած 1990-ականներէն։
 
Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 8-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 864-ի, յայտնած է առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան:
 
Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր երկրի գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Պեքիր Փաքտեմիրլին, Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն մարած է 107 անտառային հրդեհ, առայժմ անվերահսկելի կը մնան հրդեհի հինգ օճախներ Անթալիոյ եւ Մուղլայի նահանգներուն մէջ։