Ռազմական դաշինքով եւ տնտեսական միութեամբ Ռուսիոյ հետ կապուած Հայաստանը նոր գործընկերներ կը փնտռէ, քանի որ Մոսկուան չէ կատարած իր դաշնակցիային պարտաւորութիւնները, յատկապէս անցեալ ամիս Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի գրաւման ժամանակ, Wall Street Journal-ի հաղորդմամբ՝ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Այս իրադարձութիւնները, ըստ էութեան, յանգեցրին մի որոշման, որ մենք պէտք է դիվերսիֆիկացնենք մեր յարաբերութիւնները անվտանգութեան ոլորտում, եւ մենք հիմա փորձում ենք անել դա», -ըսած է ան։ Փաշինեան աւելցուցած է, որ այս պատճառով ինքը որեւէ առաւելութիւն չի տեսներ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայաններու ներկայութիւնը շարունակելու մէջ։
Հարցազրոյցին Փաշինեանն ըսած է, որ կը շարունակէ լաւատեսօրէն նայիլ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղ կարգաւորման հասնելու հեռանկարին։ Տարածաշրջանի ապագան, ըստ անոր, պէտք է ըլլայ փակ սահմաններու եւ առեւտրային ճանապարհներու բացումը՝ ներառեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ Հայաստանով անցնող ճանապարհային կապը, քանի դեռ կը յարգուի Հայաստանի ինքիշխանութիւնը։ «Անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի ոչ միայն բանակի, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան միջոցով», -ըսած է ան։
Ռուսիոյ հետ պատմական յարաբերութիւններու մասին հարցին ի պատասխան Փաշինեանը յորդորած է ատոր փոխարէն ուշադրութիւն դարձնել թրքական պետութիւններու՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ունեցած աւելի տեւական պատմութեան վրայ։ «Այստեղ են բոլոր հարցերը, եւ այստեղ են բոլոր հարցերի պատասխանները», -ըսած է ան,- «Նախեւառաջ պէտք է աշխատենք մեր տարածաշրջանային յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ»։
Անվտանգային յարաբերութիւններու բազմազանեցումը, որուն կը ձգտի Հայաստանը, աւելցուցած է Փաշինեանը, պէտք է հասկցուի որպէս տեւական տարածաշրջանային խաղաղութեան հասնելու ձգտում, ոչ թէ ընդամէնը արեւմտեան ռազմակայաններու եւ զէնքերու տեղակայման ակնկալիք։