Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով փլուզուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Կազիայնթէպ (Այնթապ) ամրոցը, հաղորդած է «Ենի Շաֆաք» թերթը։
«Յայտնի դարձած է, որ երկրաշարժէն տուժած Կազիայնթէպի մէջ փլուզուած է պատմական ամրոցը»,- գրած է թերթը։
Ըստ աղբիւրի՝ տեղ-տեղ փլուզուած են բերդի պարիսպները։ Պատմական կառոյցին հասցուած ամբողջական վնասը դեռ պէտք է ճշդուի։
Յիշեցնենք, որ Կազիայնթէպ ամրոցը, որ կը գտնուի 25–30 մեթր բարձրութեամբ բլուրի վրայ, առաջին ամրոցն է, որ կառուցուած է Խեթական կայսրութեան կողմէ որպէս դիտակէտ մեր թուարկութեան 2-3-րդ դարերում:
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Քահրամանմարաշ նահանգի Պազարջիք շրջանին մէջ 6 փետրուարի առաւօտեան ժամը 06:30-ին 7,4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով երկրի եօթ նահանգի մէջ զոհուած է 284 մարդ, 2323-ը՝ վիրաւորուած։