Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցախնան խօսած է Թուրքիոյ դերին մասին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Ան այս մասին յայտարարած է «Անատոլի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին։
Ըստ անոր՝ Թուրքիան շատ կարեւոր դեր կը խաղայ տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
«Անցեալ շաբաթ ես այցելեցի Ատրպէյճան։ Թուրքիան նաեւ աշխուժօրէն կ'աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ռազմավարական առեւտրային միջանցքներուն մէջ ներդրումներուն։ Մենք կը համագործակցինք Թուրքիոյ հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ե՛ւ երկկողմանի, ե՛ւ շարք մը այլ տարածաշրջաններու մէջ»,- նշած է նախարարը։