image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան եւ Ռուսիան աշխատանքներ կը տանին կազային հանգոյցի շուրջ

Թուրքիան եւ Ռուսիան աշխատանքներ կը տանին կազային հանգոյցի շուրջ

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ աշխատանքներ կը տարուին կազային հանգոյցի շուրջ, կ'ընթանայ նախագծման, շինարարութեան եւ շուկայի գնահատում: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած է Անգարայի աղբիւրը:

«Աշխատանքը կ'իրականացուի, այն կը պահանջէ նախագծման, շինարարութեան, շուկայի գնահատականներ: Համապատասխան գերատեսչութիւնները կը կատարեն նախագահներու յանձնարարականները, գործընթացը երկու երկիրներու ղեկավարներու վերահսկողութեան տակ է»,-ըսած է լրատուական գործակալութեան զրուցակիցը:

Աւելի վաղ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Ռուսիան կրնայ կազի տարանցումը «Հիւսիսային հոսք»-էն տեղափոխել Սեւ ծովու տարածաշրջան եւ Թուրքիա: Ռուսիոյ նախագահն այդ գաղափարը քննարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Անոնք յանձնարարած են մանրամասն եւ արագ մշակել հարցը։