Ռուսաստանի Մարդասիրական գիտութիւններու պետական ակադեմիայի տնօրէն, պատմաբան Տենիս Ֆոմին-Նիլովի խօսքով՝ աշխարհի մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ապակայունացումը ամենաբացասական ձեւով ազդեցութիւն կ'ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդի վրայ:
«Ժամանակակից պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է ունենալ զօրաւոր բանակ, հզօր տնտեսութիւն և բարձր իրաւագիտակցութիւն ունեցող քաղաքացիներ, եւ այդ ամէնը կը պահանջէ հսկայական միջոցներ եւ բոլոր պետական հիմնարկներու ծրագրային զարգացում: Եթէ երկիրը չունի անհրաժեշտ ներուժ, ապա չափազանց կարեւոր է, որ այն ունենայ զօրաւոր դաշնակիցներ` փոխադարձ պարտաւորութիւններու ամենալայն շրջանակով»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ միայն այդ պարագային կարելի է յոյս դնել սեփական մշակութային եւ պատմական համայնքի եւ ազգային պետականութեան պահպանման վրայ:
Հիմա, ըստ անոր, ետ նայելով անցած տարիներուն, նկատելի կը դառնայ, որ ՀՀ-ի մէջ քաղաքական եւ մտաւոր վերնախաւերը թերագնահատած են իրենց հարեւանները եւ շատ ռազմավարական սխալներ թոյլ տուած են:
«Ակնյայտ է, որ Թուրքիան բոլորի համար կը հանդիսանայ Արեւմուտքի, եւ ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի անդամ: Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ կայսերական յաւակնութիւնները կրկին կ'աճին, իսկ Ատրպէյճանը երթալով կը դառնայ անոր վասալը: Իրադարձութիւններու նման զարգացման կտրականապէս դէմ է ոչ միայն ռուսական էլիտաները, այլեւ հասարակ մարդիկ»,- ըսած է ան։