image

Թուրքիան ձախողեցա՞ւ Թունիզի մէջ

 Թուրքիան   ձախողեցա՞ւ  Թունիզի  մէջ

Օրերս Թունիզի նախագահ՝  Քայս  Սըհայէտ  լուծարեց  երկրի կառավարութիւնը  եւ դադրեցուց  խորհրդարանի գործունէութիւնը, որուն նախագահն էր Թուրքիոյ դաշնակից եւ «Ալ Նահտա» կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ռաշէտ Ալ Ղանուշի: Այս մասին աւելի վաղ անդրադարձած էր «Արեւելք»-ը: 

Մանրամասնութիւններուն մէջ՝    Skynews Arabia  կայքէն կը կարդանք, թէ այս որոշումները,  ուժեղ հարուածներ կը համարուին ուղղուած Թուրքիոյ:

Աղբիւրը նշած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է իր մտահոգութիւնը  Թունիզի խոհրդարանի գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումէն: 

Ի դէպ  նախագահ Սըհայէտի  քայլը օրինական է ըստ Թունիզի սահմանադրութեան 80-րդ յօդուածին: Ըստ վերլուծաբաններուն՝ լուծարումը Հիշամ Ալ Մշիշիի  կառավարութեան,  որ  կը համագործակցէր «Ալ Նահտա» կուսակցութեան հետ, կը ձգտի վերջ դնել Թուրքիոյ միջամտութիւններուն արաբական հարցերուն մէջ: 

Թուրքիան 10 տարիէ արդէն միջամուխ կ'ըլլայ արաբական երկիրներու հարցերուն, հովանաւորելով «Իսլամ Եղբայրներ» խմբաւորումները, որոնք կարողացան ոտք դնել  Թունիզի  քաղաքական, տնտեսական նոյնիսկ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ: Թունիզը դարձաւ ամէնէն ցայտուն օրինակը Թուրքիոյ միջամտութիւններուն ենթարկուող երկրին, նկատի առնելով, Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողանի սերտ բարեկամութիւնը Ռաշէտ Ալ Ղանուշիին  հետ: Երկու առաջնորդները, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս  «չափաւորականներ», իրականութեան մէջ դաշնակիցներ են ձեռք դնելու երկրի հաստատութիւններուն վրայ: 

Հարկ է յիշել, որ իսլամիստ «Ալ Նահտա» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ աջ բազուկն էր Թունիզի մէջ, որու միջոցաւ ան կրցաւ խեղդել Թունիզը տնտեսապէս նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: Ան նոյնիսկ ստիպեց Թունիզի խորհրդարանը, որ համաձայնի Թուրքիա-Թունիզ տնտեսական յարաբերութիւններու բարձր  մակարդակի  պամանագիր ստորագրելու համար: Այս պայմանագրի  արդիւնքով, 2011 թուականէն սկսեալ, Թունիզ սկսած է ներածել 90 նոր տեսակի ապրանք Թուրքիայէն: Եւ ըստ ցուցանիշներուն՝ Թուրքիոյ արտահանած ապրանքներու եկամուտը 2010-ի 200 միլիոն տոլարէն հասած է 4 միլիառ տոլարի 2019-ին: 

Աշբիւրը նշած է, թէ զրուցելով մտաւորական եւ գիտաշխատող՝ Իպրահիմ Ալ Ղատպանի հետ, վերջինս համեմատութիւն մը կատարած է, Եգիպտոսի եւ Թունիզի փորձերուն միջեւ Թուրքիոյ միջամտութիւններու տեսանկիւնէն: «Թուրքիան գիտէր, որ երկիրներուն հաստատութիւնները կայուն են եւ դիւրիւն դիւրիւն չեն լուծարուիր կամ ենթարկուիր ծայրայեղականներուն, հեւեաբար ան կողմնորոշուեցաւ այնպէս, որ «Իսլամ Եղբայրներ» կուսակցութեան միջոցաւ ուղղակի քաղաքականօրէն միջամտէ եւ իշխէ խորհրդարաններուն վրայ»,- ըսած է հետազօտողը:

Աղբիւրը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, ուր միջամտութիւնը աւելի ընդլայնուած էր, ներառելով ռազմական գործողութիւններ, նոյն «Եղբայրներ» կուսակցութեան խմբաւորումներու միջոցաւ: 

Ըստ աղբիւրին, Թուրքիան հովանաւորելով ծայրայեղական իսլամական քաղաքական ուժեր, իրեն համար ստեղծեց երկու զուգահեռ գործիքներ, առաջինը՝ քաղաքական, լրատուական թրքամէտ խումբեր, իսկ երկրորդը՝ զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումներ, որոնք ահաբեկչական կիրառուներով  աշխարհաքաղաքական  փոփոխութիւններ կատարեցին Սուրիոյ տարածքներուն մէջ: Թուրքիոյ ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, նպաստեց պատերազմը երկարաձգուելուն, եւ վերածուելու քաղաքացիական պատերազմի:

Միւս կողմէ Լիպիոյ մէջ, գրեթէ նոյն ձեւով, Թուրքիան վերակենդանացուց այն կազմակերպութիւնները, որոնք ահաբեկչական գործունէութեան պատմութիւն ունէին: Վերջիններս մերժելով Լիպիոյ խորհրդարանական օրինական ընտրութիւնները, դիմեցին զէնքի ուժին ու գրաւեցին լիպիական շրջաններ: Թուրքիան ուղղակիօրէն ռազմական միջամտութիւն ցուցաբերեց ու օժանդակեց զինեալ լիպիական խմբաւորումներուն: 

Միջազգային ու մեծ տէրութիւնները, որոնց շահերը չհամընկնելով Թուրքիոյ,  ստիպեցին, որ Անգարան ի վերջոյ ետ քաշուի  «Թունիզեան խաղ»էն։