image

Թուրքիան չի ճանչնար Ուքրանիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ եղած հանրաքուէն

Թուրքիան չի ճանչնար Ուքրանիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ եղած հանրաքուէն

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Իպրահիմ Քալին NTV հեռուստաալիքի եթերով յայտարարած է, որ երկիրը չի ճանչնար շարք մը շրջաններու Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմ մտնելու վերաբերեալ ընթացող հանրաքուէներու արդիւնքները։

«Ինչպիսի դիրքորոշում ալ որ նախապէս ունեցած ենք Խրիմի վերաբերեալ, մենք չենք ճանչնար հանրաքուէի որոշումը, որ Ռուսիան կը ցանկայ ընդունիլ։ Մենք կը ճանչնանք Ուքրանիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»,- ըսած է ան։

Քալին նշած է, որ այս հակամարտութեան ընթացքին Թուրքիան կ'աջակցի Ուքրանիոյ եւ միակ պետութիւնն է, որ «կը ձգտի վերջ տալ պատերազմին»։

Տոնեցկի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ Զապորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններու վարչակազմերը որոշած են հանրաքուէ կատարել՝ Ռուսիոյ միանալու վերաբերեալ։ Քուէարկութիւնները տեղի կ'ունենան սեպտեմբեր 23-էն 27-ը։