Ռուսական «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ ըստ տեղական աղբիւրներու, Սուրիոյ Իտլիպ քաղաք մուտք գործած են 80 բեռնատար մեքենաներ, որոնք ռազմական օժանդակութիւն եւ պատրաստի տնակներ տեղափոխած են Իտլիպի եւ Համայի արուարձաններուն մէջ գտնուող թրքական ռազմական դիտակէտերուն:
Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ բեռնատարներէն ութը հեղուկ քլոր կը տեղափոխէին, որ յանձնուած է Ճըսր Շղուրի արեւմտեան շրջանին մէջ հաստատուած Թուրքիստանի իսլամական կուսակցութեան ճամբարին:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, թրքական բեռնատարներու շարքը կը հսկուէր «Ալ Նուսրա»ի զինեալներու կողմէ, առանց իմանալու, թէ ինչ կը պարունակեն անոնք ու ինչ կը տեղափոխուի անոնց միջոցով:
Թրքական կողմի պնդմամբ, քլորի տեղափոխման նպատակը Իտլիպի մէջ խմելու ջուրի հականեխումն է: