image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Սուրի Նախկին Քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշի Կեանքը Վտանգուած է (Լուսանկար)

Թուրքիա.  Սուրի  Նախկին  Քաղաքապետ Ապտուլլահ   Տէմիրպաշի Կեանքը  Վտանգուած է (Լուսանկար)

Թուրքիա-   «Արեւելք»- Թուրքիոյ   Տիարպէքէր  նահանգի Սուր  աւանի  նախկին  քաղաքապետ  Ապտուլլա Տէմիրպաշի  կեանքը վտանգուած է: Տէմիրպաշ, որ մեղադրուած  եղած է  քաղաքական   ապօրինի կազմակերպութեան մը  անդամակցութեան   մեղադրանքով     առաջին անգամ ձերբակալուած էր       Դեկտեմբեր 2009–ին    (անոր դատական գործը յայտնի է KCK-ի  գործ   անունով): Տէմիրպաշ   կը  տառապի ծանր հիւանդութիւնէ մը ՝ vein thrombosis:  Ան Սուրի քաղաքապետ ընտրուած էր   երկու անգամ   2004-ին  եւ  2009-ին  ստանալով  քուէներուն  65   առ հարիւրը: Առողջական  ծանր  պայմաններու   մէջ յայտնուելէ  ետք Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ անսալով մարդկային իրաւանց  կազմակերպութիւններու կոչերուն  յատուկ հրամանով մը  ազատ  արձակած էր  Տէմիրպաշը     Մայիս  2010-ին:   Թուրքիոյ եւ յատկապէս Տիարպէքիրի  մէջ գրանցուած վերջին դէպքերուն   նախօրէին   Տէմիրպաշ դարձեալ  կը ձերբակալուի  անցնող      Օգոստոսին:  Նախկին քաղաքապետը    յայտնուած է ծանր իրավիճակի մը մէջ եւ անոր հարազատնրն ու  ըներները    անոր  ազատութեան համար   ստորագրահաւաք մը ծաւալած են:  Նշենք, որ Տէմիրպաշ  անդամ է   Քրտական    «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան  (BDP):Նշենք, որ Սուրի մէջ   կը գտնուի «Հայկական Թաղամաս» անունով յայտնի փողոցը, ուր կը  գտնուին հայկական  եկեղեցիներ: