Թուրքիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Թրքական իշխանութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) բանտարկուած ղեկավար Ապտալլա Օճալանը իր մեկուսարանէն դուրս բերելու եւ աքսորավայր փոխադրելու նախապատրաստական աշխատանքններ սկսած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Հայաթ» օրաթերթը, նշելով, որ այդ նպատակով իշխանութիւնները սկսած են Մարմարա ծովուն վրայ գտնուող Իմրալի կղզիին վրայ պէտք եղած աշխատանքները տանիլ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ այս փոխադրութեան հիմնական նպատակը Անգարայի հետ պաշտօնական երկխօսութեան առիթ ստեղծելն է: