image

Սամուէլ Բաբայեանն ազատ կ'արձակուի ԱԱԾ մեկուսարանէն

Սամուէլ Բաբայեանն ազատ կ'արձակուի ԱԱԾ մեկուսարանէն

Քիչ անց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարանէն ազատ պիտի արձակուի Արցախի հերոս, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանը:

Մեկուսարանի դիմաց հաւաքուած են Սամուէլ Բաբայեանի աջակիցները։

Յիշեցնենք, որ Վճռաբեկ դատարանը քիչ առաջ փոխեց «Իգլա»-ի եւ «փողերու լուացման» գործով առաջին ատեանի դատարանի կողմէն 6 տարի ազատազրկման դատապարտուած Սամուէլ Բաբայեանի խափանման միջոց կալանաւորումը։

Վճռաբեկ դատարանը նման որոշման համար հիմք ընդունեց ԱԺ 11 պատգամաւորի անձնական երաշխավորութիւնները։ 

Սամուէլ Բաբայեանն առաջին ատեանի դատարանի կողմէն մեղաւոր ճանչցուած էր Քրէական օրէնսգիրքի 38-235-րդ յօդուածի 2-րդ մասի եւ 190-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով եւ դատապարտուած ազատազրկման 6 տարի ժամկէտով: