image

Թուրքիա նոր ռազմակայաններ պիտի ստեղծէ Սուրիոյ մէջ

Թուրքիա նոր ռազմակայաններ պիտի ստեղծէ Սուրիոյ մէջ

Թուրքիա կը նախատեսէ եւս երկու ռազմակայան հիմնել Սուրիոյ հիւսիսային Հալէպ եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է Mehr-ը։

Ծրագրուած է երկու ռազմակայան տեղակայել Հալէպի հիւսիսային շրջանները Իտլիպ նահանգի հետ կապող անցակէտերուն մօտ։ Թրքական ուժերը տեղակայուած են այնտեղ, ուր պէտք է կառուցուին երկու շտաբները, սակայն շինարարութիւնը դեռ չէ սկսած։

Անցեալ 10 օրուան ընթացքին սրած են բախումները Ալ-Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Երրորդ ջոկատի զինուած խմբաւորման միջեւ։

Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու բախումներու հետեւանքով, ըստ վերջին տուեալներու, զոհուած է առնուազն 58 մարդ, այդ շարքին՝ 10 խաղաղ բնակիչ։

Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող խմբաւորումները կը վերահսկեն Սուրիոյ Հալէպ նահանգի հիւսիսային սահմանը։