2022-ին թրքական զէնքի արտահանումը գերազանցած է 4 միլիառ տոլարը, որ մօտ 36 տոկոսով աւելի է, քան մէկ տարի առաջ։ Ընդ որում՝ արտահանման 98 տոկոսը կազմած է Bayraktar անօդաչուներու վաճառքը։ Այս մասին haqqin.az-ին ըսած է թուրք քաղաքագէտ Իրֆան Քայա Ուլքերը։
Անոր կարծիքով՝ Անգարայի ռազմարդիւնաբերական համալիրին մէջ կայ մարտական անօդաչուներու եւ այլ զինատեսակներու արտադրութեան ծաւալները աւելցնելու հնարաւորութիւն։ Թրքական ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման համար կարեւոր էր Bayraktar անօդաչուներու կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման ժամանակ։
«Մէկ կողմէն՝ Անգարան հզօր աջակցութիւն ցուցաբերեց եղբայրական Ատրպէյճանին, միւս կողմէն՝ մարտական պայմաններու մէջ փորձարկեց եւ ամբողջ աշխարհին ցուցադրեց սեփական ռազմական արհեստագիտութիւնը,- ըսած է Ուլքերը։- Մինչեւ վերջերս Թուրքիան որոշակի դժուարութիւններ ունէր ՆԱԹՕ-ի սպառազինութեան մէջ գտնուող անօդաչուներու ձեռքբերման հարցով։ Անգարա այդ անօդաչուները կը մատակարարուէին կամ բազմաթիւ նախապայմաններով, կամ առհասարակ չէին մատակարարուեր։ Իսկ հիմա պատկերը կտրուկ փոխուած է, եւ Թուրքիան դարձած է մարտական եւ հետախուզական անօդաչուներու աշխարհի առաջատար մատակարարներէն մէկը։ Bayraktar-ի հիմնական գնորդները Պալքանեան թերակղզիի երկիրներն են, Սուտանը, Լիպիան եւ այլն»։
Քաղաքագէտի խօսքով՝ թրքական անօդաչուներու յաջողութիւնը զէնքի համաշխարհային շուկային մէջ ներազդեցիկ դեր խաղցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմարդիւնաբերական համալիրի այլ ոլորտներու զարգացման գործին մէջ։
«Իսկ ինչ կը վերաբերի զէնքի արտահանման, ապա Թուրքիան այդ ոլորտին մէջ անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ,- նշած է Ուլքերը։- Թուրքիան կը մնայ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի կարեւոր մասը, որմէ միանշանակօրէն կը բխի, որ Անգարան ոչ մէկ պարագայի զէնք կը վաճառէ այն երկիրներուն, որոնք կը սպառնան ՆԱԹՕ-ի անվտանգութեան։ Այդ առաջին հերթին կը վերաբերի զէնքի վաճառքին ՀԱՊԿ անդամ պետութիւներուն՝ Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Հայաստանին, ինչպէս նաեւ այն երկիրներուն, որոնք այս կամ այն չափով կրնան վտանգ ներկայացնել Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի անդամներու համար։ Եւ, ի հարկէ, Իրանին»։