12 թրքական գաւառներու մէջ արգիլուած է անտառներ ացելել երկրի տեւական անտառային հրդեհներու պատճառով:
Շրջանառուող տեղեկատուութեան համաձայն՝ Պոլիս, Չանաքալէ, Պալիքեսիր, Քոջաելի, Իզմիր, Պուրսա, Այտին, Հաթա, Քոնիա, Ուշակ, Քրիքլարելի եւ Կազիանթեփ բնակող քաղաքացիներուն արգիլուած է այցելել անտառային զանգուածներ: Այդտեղ մուտքը արգիլուած է մինչեւ Օգոստոսի վերջը, իսկ շարք մը գաւառներու մէջ՝ մինչեւ համապատասխան որոշումը:
Աւելի վաղ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար՝ Պեքիր Փաքտեմիրլին յայտնած է, որ 20 անտառային հրդեհներու մարելը կը շարունակուի երկրի հարաւային վեց գաւառներուն մէջ: Հաղորդուած է նաեւ տարերային աղէտի հետեւանքով չորս զոհերու եւ 183 տուժածներու մասին:
Հրդեհը հասած է թրքական Պոտրում եւ Մարմարիս հանգստավայրեր, ուր տարհանուած են մարդիկ քանի մը հիւրանոցներէ: Ըստ ՌԻԱ Նովոսթի-ի Պոտրումի քաղաքապետ՝ Ահմէթ Արասը յայտնած է, որ գաւառի մերձակայքի անտառային հրդեհը մարած է, բոլոր տարհանուած զբօսաշրջիկները վերադարձած են իրենց հիւրանոցները եւ տուժածներ չկան: