image

Թունաւորման դէպք Արմաւիրի մէջ

Թունաւորման դէպք Արմաւիրի մէջ

Սասունիկ գիւղի 33 փողոցի տուներէն մէկէն «Աշտարակ» բժշկական կեդրոնի շտապօգնութեան խումբը «Աշտարակ» հիւանդանոց տեղափոխած է 10 քաղաքացի։ Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

Շամշեանի տեղեկութիւններով, հիւանդանոց տեղափոխուածներէն 4-ը երեխաներ են, 6-ը՝ միջին տարիքի քաղաքացիներ, եւ անոնք այսօր պիտի մասնակցէին հարսանեկան արարողութեան։

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը պարզած են հիւանդանոց տեղափոխուած անձանց ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց թունաւորման հանգամանքները:

Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ հիւանդանոց տեղափոխուած՝ 35-ամեայ Ալիսա Ա․-ն, 9-ամեայ Միլենա Մ․-ն, 17-ամեայ Սեւակ Մ․-ն, 9-ամեայ Կարէն Մ․-ն, 16-ամեայ Լյովա Մ․-ն, 46-ամեայ Քրիսթինէ Մ․-ն, 45-ամեայ Սոնիա Մ․-ն, 39-ամեայ Ռիթա Մ․-ն, 35-ամեայ Լիլիթ Մ․-ն եւ 38-ամեայ Ծաղիկ Մ․-ն:

Դէպքի փաստով Արագածոտնի մարզի քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ։