image
Հրատապ լուրեր:

Թոքատի Մէջ 1000 Տարեկան Աւետարան Մը Յայտնագործուած (Լուսանկարներ)

Թոքատի Մէջ  1000 Տարեկան Աւետարան Մը Յայտնագործուած (Լուսանկարներ)

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, ոստիկանութիւնը, Չորեքշաբթի օր, Թուրքիոյ կեդրոնական քաղաք Թոքաթի մէջ առգրաւած է Աստուածաշունչ մը, որ կը կարծուի թէ 1000 տարեկան է: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երեք կասկածելիներ, որոնք  կը փորձէին ծախել Ասորերէն լեզուով գրուած Աւետարանը:Ապահովական ուժերու կողմէ նաեւ շատ մը պատմական հնութիւններու վրայ ձեռք դրուած է:Յայտնի չէ, թէ Աւետարանը ուրկէ գտնուած է, ոստիկանութիւնը ըսած է որ գիրքին մէջ մնացած են միայն 51 էջեր եւ կողքը շատ վնասուած է, Աստուածաշունչի մէջ գտնուող, ոսկի տերեւներէ պատրաստուած, կրօնական ձեւաւրումով (մօտիվ) նկարները անձեռնմխելի մնացած են:Թոքաթը այն քաղաքն է, ուր անցեալ տարի գտնուած է Վինսանդ Վան Կոկի «Որբը ոտքի»  գործին  իսկական գեղանկարը, բեռնատար ինքնաշարժի մը խցիկին մէջ կասկածելի  հնահաւաք մասնագէտի մը  մօտ: