image

Թշնամին Կը Շարունակէ Խախտել Հրադադարը. Հայկական Կողմը Ունի Մէկ Վիրաւոր

Թշնամին Կը Շարունակէ Խախտել Հրադադարը. Հայկական Կողմը Ունի Մէկ Վիրաւոր

ՀՀ ՊՆ պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլի 12-ի լոյս 13-ի գիշերը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան տարածքին ազրպէյճանական կողմը 12 խախտում կա տարած է եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայկական դիրքերու ուղղությամբ: Այս մասին կը փոխանցէ Razm.info-ն, նշելով, որ ՀՀ ԶՈւ առաջապահ ստորաբաժանումները, ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Միւս կողմէ ՊԲ-էն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն` ապրիլի 12-ի լոյս 13-ի գիշերը Արցախի շփման գիծին իրադրութիւնը մնացած է նոյնը: Հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ խախտել կողմերու միջեւ ձեռքբերուած կրակի դադարեցման մասին բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը՝ կրակելով ինչպէս դիպուկահար զէնքերով, այնպէս ալ նռնականետներով:

Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակահատուածին ազրպէյճանական զինուժը կատարած է 106 խախտում: Իրավիճակը կայունացնելու նպատակով ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդին պատասխանած են 23 անգամ: Կը նշուի նաեւ, որ հակառակորդի խախտումներու հետեւանքով վիրաւորուած է ՊԲ 1 զինծառայող: