image

Թրքական ընկերութիւններ կարեւոր ռազմամասեր տրամադրած են ISIS-ին. Birgun

Թրքական ընկերութիւններ  կարեւոր ռազմամասեր տրամադրած են ISIS-ին. Birgun

Թրքական երեք շինարարական ընկերութիւններ ISIS-ին միլիոնաւոր տոլարներու նիւթեր մատակարարած են, որոնք կ'օգտագործուին անօդաչու սարքերու սպառազինութեան համար, յայտնԾ է Թրքական Birgun թերթը` վկայակոչելով Թուրքիոյ ֆինանսական յանցագործութիւններու հետաքննութեան խորհուրդի (MASAK) զեկոյցը:

2021 թուականի MASAK-ի հաշուետուութեան համաձայն` «Altun Inci», «Elferah» եւ «Mavi Yelken» ընկերութիւնները, որոնք հիմնուած են Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիացի Իպրահիմ  Հաժ Հենէիտի կողմէ, նիւթեր վաճառած են ISIS-ի զինեալներուն:

Ճիհատիստական կազմակերպութիւնը նիւթեր օգտագործած է զինուած անօդաչու սարքերու ստեղծման համար, ըսուած է զեկույցին մէջ, որուն մէջ մանրամասն նկարագրուած են տասնեակ մարդոց հաշիւները, որոնց իշխանութիւնները «Իսլամական պեութիւն» կազմակերպութեան հետ կապուած կը համարեն:

ISIS -ը յայտնի է անօդաչու թռչող սարքերու իր ծրագրով եւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ անօդաչու սարքեր օգտագործած է հետախուզական տուեալներու ընդհանուր հաւաքման համար, որպէս ճշտորդներ ականանետային գնդակոծութիւններու համար, ինչպէս նաեւ քարոզչական տեսահոլովակներ նկարահանելու համար: