Թրքական լիրան այսօր առաւօտեան հերթական մրցանշային անկումը արձանագրած է։
Արտարժոյթային շուկային մէջ սկիզբ առած սակարկութիւններուն առաջին իսկ վայրկեաններէն ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը թրքական տարադրամի հանդէպ հատած է 14 լիրայի շեմը եւ այժմ կը տատանի 14,5-14,8 միջակայքին։
Անցեալ շաբաթավերջին թրքական ֆոնտային պուրսային մէջ սակարկութիւնները աւարտած էին 13,85 լիրա մէկ տոլարի դիմաց ցուցանիշով։ Անկէ առաջ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը օտարերկրեայ արտարժոյթի հերթական մեծ միջամտութիւնը իրականացուցած էր` նպատակ ունենալով դանդաղեցնել լիրայի անկման կշռոյթները։ Այդ արտարժութային թիւով երրորդ միջամտութիւնն էր, որ իրականացուցած էր Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը վերջին 10 օրերու ընթացքին։