image

Թրամփ յայտարարած է, որ «Ալքաթրազ»-ի բանտը պիտի վերաբացուի աշխարհի ամենավտանգաւnր յանցագnրծներուն համար

Թրամփ յայտարարած է, որ «Ալքաթրազ»-ի բանտը պիտի վերաբացուի աշխարհի ամենավտանգաւnր յանցագnրծներուն համար

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Ալքաթրազ կղզիի բանտը պիտի վերաբացուի՝ աշխարհի ամենավտանգաւոր յանցագործներու համար: Այս մասին ան գրած է իր Truth Social-ի էջին։

«Երբ մենք աւելի լուրջ երկիր էինք, հին ժամանակներուն, մենք չէինք վարանիր բանտարկել ամենավտանգաւոր յանցագործները եւ հեռու պահել անոնցմէ, որոնց կրնային վնասել»։ Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ։

Մենք այլեւս չենք հանդուրժեր այս հերթական յանցագործները, որոնք չարիք, արիւնահեղութիւն եւ քաոս կ՚առաջացնեն մեր փողոցներուն մէջ։

Ահա թէ ինչու այսօր ես կը յանձնարարեմ  վերաբանալ Ալքաթրազի ​​բանտը՝ աշխարհի ամենադաժան եւ բռնի յանցագործները տեղաւորելու համար։

Սան Ֆրանսիսքոյի Ալքաթրազի բանտը փակուած է 1963 թուականին եւ այդ ժամանակուընէ կը գործէ որպէս թանգարան: