Դատարանը քիչ առաջ երկու ամիսով կալանքի որոշում կայացուց «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Խաչիկ Գալստեանի նկատմամբ։ Այս մասին դատարանի բակին մէջ լրագրողներուն յայտնած է փաստաբան Սոս Յակոբեանը։
Նշենք, որ Խաչիկ Գալստեանին Հակափտածութեան կոմիտէի քննիչները ձերբակալած են դեկտեմբեր 29–ին։
Նոյն օրը աւելի ուշ ձերբակալուած է նաեւ Վաղարշապատի մէջ «Հայրենիք» կուսակցութեան պատասխանատու, Վաղարշապատի աւագանիի ընտրութիւններու համամասնական ցուցակի 2-րդ համարի մէջ ներկայացուած Արամ Քոչարեանը։
Արդէն այսօր Հակափտածութեան կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր նշուած է. ՀՀ Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ համայնքին մէջ 2025 թուականի նոյեմբեր 16-ին համամասնական ընտրակարգով աւագանիի ընտրութիւններուն «Հայրենիք» կուսակցութեան պատասխանատու անձանց կողմէ իրենց օգտին քուէարկելու դիմաց ընտրակաշառք տալու եւ նոյն համայնքի բնակիչներու կողմէ ընտրակաշառք ստանալու դէպքերու առթիւ ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէի մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս օրերս ձերբակալուած է 8 անձ, այդ շարքին՝ Արմաւիրի մարզպետի նախկին տեղակալը:
Ձերբակալուած անձերէն մէկու նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը, երեքի նկատմամբ՝ տնային կալանքը։ Նախօրէին նոյն քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս կաշառք տալու մեղադրանքով ձերբակալուած է եւս երկու անձ, այդ շարքին՝ նշուած կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարը: Վերջիններուս նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւններ ներկայացուած են դատարան»։