image

Թեհրանի մէջ. Վերջին հրաժեշտ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով զոհուած նախագահ Ռայիսիին եւ անոր ընկերակիցներուն

Թեհրանի մէջ. Վերջին հրաժեշտ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով զոհուած նախագահ Ռայիսիին եւ անոր ընկերակիցներուն

Այսօր վաղ առաւօտէն Թեհրանի մէջ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են եւ մասնակցած ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով զոհուած Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին, արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին եւ միւս զոհերուն վերջին հրաժեշտի արարողութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն առաջ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէին ծիսական աղօթք կարդացած է: Մայիս 23-ին տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Իրանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող սրբազան Մաշհատ քաղաքին մէջ։

Թեհրանի մէջ զոհերու յիշատակութեան արարողութեան ներկայ գտնուած են օտարերկրեայ պաշտօնեաներ եւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Իրանի կառավարական լրատուական գործակալութիւններու տուեալներով՝ կը սպասուի մօտ 40 օտարերկրեայ պատուիրակութեան մասնակցութիւն։ Հրաժեշտին ներկայ եղած է նաեւ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն։

Իրանի մէջ 5-օրեայ սուգ յայտարարուած է: