Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան տարհանուած աշխատակիցներով օդանաւը վայրէջք կատարած է Պաքուի մէջ, յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները։
Պաքուն «անհեթեթ» անուանած է իրանեան կողմի յայտարարութիւնը, թէ Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած միջադէպը տեղի ունեցած է ընտանեկան եւ կենցաղային հողի վրայ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը լրագրողներուն ըսած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիւանագիտական գործունէութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է։
Ան նշած է, որ դեսպանատան անձնակազմը տարհանելու որոշումը կայացուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ «Անվտանգութեան հարցով մենք ոչ յոյս ունինք, ոչ վստահութիւն իրանեան կողմի նկատմամբ», -ըսած է ան։ Անոր խօսքով՝ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութիւնը դադրեցնելու որոշումը չի վերաբերիր Թաւրիզի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքին։