Թեհրան պատրաստ է բանակցելու Միացեալ Նահանգներու հետ հաւասար պայմաններով, այլ ոչ թէ սպառնալիքներու ներքոյ՝ յայտարարած է Իրանի նախագահը:
«Եթէ բանակցութիւններ կ'ուզէք, ի՞նչ իմաստ ունի սպառնալ։ Ուաշինկթըն այսօր կը նուաստացնէ ոչ միայն Իրանը, այլեւ ամբողջ աշխարհը։ Այս պահուածքը կը հակասէ բանակցութիւններու կոչին»,- նշած է Մասուտ Փեզեշքիան։
Աւելի վաղ Ուաշինկթըն նախազգուշացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ Թեհրան հրաժարի միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններէ։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն անգամ մը եւս շեշտած են, որ Իրանը երբեք պէտք չէ միջուկային զէնք ունենայ։
Թեհրանն ալ Ուաշինկթընին կոչ ըրած է ընտրելու դիւանագիտութեան ուղին եւ շեշտած, որ առկայ խնդիրներու ռազմական լուծումն անընդունելի է: