Պարբերականը իր զեկոյցին մէջ գրած է, որ Փենթակոն Ուքրանիա ուղարկած է առնուազն 3 միլիոն հրետանային արկ, որոնց մեծ մասը եղած է 155 մմ տրամաչափի, որ ամենատարածուած չափն է, որ կ՚օգտագործուի ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի մէջ անոր դաշնակիցներու կողմէ։
Այնուամենայնիւ, շարք մը արեւմտեան թերթեր կը գրեն այն մասին, որ այդ ջանքերը չյաջողեցան թուլացնել Ռուսիան, նշելով, որ Քիեւի վրայ ճնշումներու աճը պիտի դրդէ անոր կարգաւորման ձգտիլ Ռուսիոյ հետ՝ աւելի թոյլ դիրքերէ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»
Ամերիկեան New York Times թերթը կարեւոր մանրամասներ բացայայտած է ամերիկեան հետախուզութեան Ուքրանիոյ աջակցութեան մասին՝ հաստատելով, որ Ուաշինկթըն պատրաստած եւ մարզած է ուքրանացի լրտեսներու սերունդ եւ զանոնք տեղակայած Ռուսիոյ, Քուպայի, Եւրոպայի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ։
«Լրտեսական պատերազմ. ինչպէս Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը (CIA) գաղտնօրէն կ՚օգնէ Ուքրանիոյ» խորագրեալ զեկոյցին մէջ թերթը խօսած է ստորգետնեայ կեդրոնի մը մասին, որ գտնուած է խիտ, ամայի եւ աւերուած անտառի մը մէջ , որ ստեղծուած էր ուքրանական ռազմակայանի տակ եւ ոչնչացուած պատերազմի սկիզբը՝ ռուսական յարձակումներու հետեւանքով։
Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (CIA) կողմէ ֆինանսաւորուած եւ սարքուած այս կեդրոնին մէջ ուքրանացի զինուորականներ հետեւած են ռուսական լրտեսական արբանեակներուն եւ գաղտնալսած ռուս առաջնորդներու խօսակցութիւնները:
Ըստ թերթի, Ուաշինկթընի եւ Քիեւի հետախուզական համագործակցութիւնը դարձած է «Ռուսիոյ դիմակայելու Ուքրանիոյ ռազմական կարողութեան ողնաշարը», նշելով, որ Ուաշինկթըն հետախուզական տեղեկատւութիւն կը տրամադրէ հրթիռային հարուածներու մասին, կը հետեւի ռուսական զօրքերու տեղաշարժին եւ կ՚օգնէ լրտեսական ցանցերուն։
Պարբերականը պարզած է, որ այս համագործակցութիւնը պատերազմական ժամանակաշրջանի ծնունդ չէ, քանի որ այս կէտը լրտեսական կայաններու ցանցի միայն մէկ մասն է, որ կը գործէ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (CIA-ի) աջակցութեամբ. այն կառուցուած է վերջին ութ տարիներուն եւ կը ներառէ 12 գաղտնի տեղամասեր Ռուսիոյ սահմանի երկայնքով։
Ըստ թերթին, Ուքրանիան վերածուած է 2008 թուականէն ի վեր, հետախուզական տեղեկատւութեան հաւաքագրման կեդրոնի, որ աւելի շատ ռուսական հաղորդակցութիւններ կը գաղտնալսէ, քան Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը (CIA), ինչը օգնեց անոր 2014 եւ 2016 թուականներուն կարեւոր տեղեկատուական ծառայութիւններ մատուցել ԱՄՆ-ին:
2016 թուականին CIA-ը սկսաւ վերապատրաստել ուքրանական մասնայատուկ ուժեր, որ յայտնի է «2245» ստորաբաժանում անունով, եւ որուն սպաներէն մէկը՝ Քերիլօ Պուտանովը, այսօր կը ղեկավարէ Ուքրանիոյ ռազմական հետախուզութիւնը:
Պարբերականը հաստատած է, որ Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը (CIA) նաեւ օգնած է պատրաստել ուքրանացի լրտեսներու նոր սերունդ մը, որոնք աշխատած են Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Քուպայի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր ռուսերը զգալի ներկայութիւն են։
Ամերիկեան հետախուզութեան Ուքրանիոյ այս աջակցութիւնը կու գայ լրացնելու քաղաքական, ռազմական եւ ֆինանսական աջակցութիւնը, որոնց մասին աստիճանաբար լրացուցիչ մանրամասնութիւններ կը բացայայտուին. այս մասին ամերիկեան «Responsible Statecraft» ամսագրի զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ ամերիկեան ֆինանսական աջակցութիւնն Ուքրանիոյ կազմած է ընդհանուր 113 միլիառ տոլար։
Պարբերականը իր զեկոյցին մէջ գրած է, որ Փենթակոն Ուքրանիա ուղարկած է առնուազն 3 միլիոն հրետանային արկ, որոնց մեծ մասը եղած է 155 մմ տրամաչափի, որ ամենատարածուած չափն է, որ կ՚օգտագործուի ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի մէջ անոր դաշնակիցներու կողմէ։
Այնուամենայնիւ, շարք մը արեւմտեան թերթեր կը գրեն այն մասին, որ այդ ջանքերը չյաջողեցան թուլացնել Ռուսիան, նշելով, որ Քիեւի վրայ ճնշումներու աճը պիտի դրդէ անոր կարգաւորման ձգտիլ Ռուսիոյ հետ՝ աւելի թոյլ դիրքերէ։