Բրիտանական «The Economist» պարբերականը, վկայակոչելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական վիճակագրական տուեալները, ինչպէս նաեւ MI-6-ի իր աղբիւրներու գաղտնի տեղեկութիւնները, յայտնած է, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին կողմերու իրական կորուստները բազմիցս աւելի շատ են։
Այսպէս՝ 2020-ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն Ատրպէյճանի մէջ մահուան պարագաներու թիւը գրեթէ 15 հազար մարդով կը գերազանցէ մահացութեան միջին ցուցանիշը՝ զու-գորդուած պսակաձեւ ժահրէ մահացած մարդոց պաշտօնական թիւին հետ։ Այս թիւերը կրնան ցոյց տալ, որ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի իրական կորուստներու թիւը 4-5 անգամ աւելի է տեղական իշխանութիւններու պաշտօնապէս յայտարարածէն, այսինքն՝ 18-20 հազար մարդ, մինչդեռ Ատրպէյճան կը յայտնէ մօտ 2900 զոհի մասին միայն։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա 2020-ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն մահացութիւնը գրեթէ մէկուկէս անգամ կը գերազանցէ վերջին քանի մը տարիներու միջին ցուցանիշը, որ՝ ըստ բրիտանական հեղինակաւոր պարբերականին, կը նշանակէ, որ պատերազմի ընթացքին հայկական կողմի իրական կորուստները կը կազմեն մօտ 7-8 հազար մարդ։