image

Տէր Թոդիկի Դպրոցը, Խրճիթները Եւ Մելգոնեան Վարժարանը

Տէր Թոդիկի Դպրոցը, Խրճիթները Եւ   Մելգոնեան  Վարժարանը

Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան  խնդիրը կը   շարունակէ մնալ հայաշխարհը յուզող   հիմնական օրակարգերէն մին: Այս   առումով եւ ըստ «Արեւելք»ի ունեցած   տեղեկութիւններուն,  տարբեր երկիրներու մէջ  ապրող (յատկապէս ԱՄՆ եւ Գանատա)  Մելգոնեանի շրջանաւարտներ մտադիր են խնդրին առնչութեամբ նոր մարտավարութիւն մը մշակել:  Այս մասին  նաեւ  իմացանք  Մելգոնեան կրթարանի   շրջանաւարտներէն ՝ Նիւրէլ  Պէյլէրեանի անունով շրջանառութեան մէջ դրուած   նամակէ մը: Նամակը ուղղուած է     յատկապէս  ՀԲԸՄ-ի անդամ Մելգոնեանցիներուն անոնցմէ  խնդրելով աւելի աշխուժ ներկայութիւն    դառնալ     Բարեգործականի կառոյցէն ներս: Նկատառելի է նաեւ, որ Մելգոնեանցիներու  այս հանգրուանի  առաջ  քաշած թէզը  Մելգոնեանը սուրիահայ գաղթական    դարձած աշակերտներուն   համար   ապահով        ուսումնառութեան  վայր մը   վերածելն է: Վերջին հանգրուանին   Մելգոնեանցիներ սկսած են աւելի      յանդուգն կերպով այս օրակարգը քննարկել ՀՀ բարձրաստիճան  մարմիններու  հետ:  Մինչեւ այս պահը խնդրին հետ կապուած    որոշակի արձագանքներ չկան:  Իսկ գալով Բարեգործականի մարմիններուն՝ անոնք կը շարունակեն իրենց անտարբեր եւ սառն վերաբերմունքը   տուեալ հարցին  կապակցութեամբ:   Մելգոնեանի  թեման բազմաճիւղ է ու    անոր  խափանման  մէջ կայ նաեւ  սփիւռքի կառոյցներուն  վերջին տարիներուն   մշակած թերի  քաղաքականութիւնը: Աւարտին պէտք է բոլորին յիշեցնել, որ չի բաւեր Երեւանի մէջ գունագեղ կեդրոններ բանալ  եւ այդ կեդրոններուն առջեւ   լուսանկարուիլ եւ ուրախանալ: Չի բաւեր նաեւ    մեծխօսիկ  եւ դատարկաբան ֆորումներ  կազմակերպել,   մինչ անդին  սփիւռքի հայութեան    իրավիճակը   անցած է  տագնապի կարմիր գիծի    բոլոր  սահմանները:

Սփիւռքը վտանգուած է ու  Մելգոնեանի պէս կառոյց մը  կոչուած է  պահպանելու անոր ոգեղէն    էութիւնը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր նախահայրերը    սփիւռքի ամէնէն յետին     խրճիթներուն եւ թիթեղեայ գէմբերուն տակ,     մեզ հայ պահեցին  ոգի եւ աւիւն  տալով:

Յայնժամ ոչ ոք կը խօսէր  Ֆորումներու լեզուով:

Յայնժամ Տէր  Թոդիկի ոգին էր  տիրապետողը:

Իսկ  այսօ՞ր:

 

 «Խմբագիր»