Թուրքիա հրաժարեցաւ Եւրոմիութեան ներկայացուցած իր դիմումէն, որով կը պահանջէր «տէօնէր»ը պաշտօնապէս ճանչնալ որպէս թրքական աւանդական ուտեստեղէն մը։
Ինչպէս ծանօթ է, «տէօնէր»ը կը պատրաստուի գլխաւորաբար հորթի կամ հաւու միսէն։ Միսը շերտերով կը տեղաւորուի ուղղահայեաց երկաթեայ շամփուրի մը վրայ ու դանդաղօրէն կը պտըտի կրակի մօտ։
Համապատասխան դիմումը ներկայացուած էր 3.5 տարի առաջ, Իսթանպուլի մէջ հիմնադրուած «Տէօնէրի միջազգային դաշնակցութեան» կողմէ։ Նախատեսուած էր որ Եւրոմիութեան տարածքին «տէօնէր»ը կրնար պատրաստուիլ միայն Թուրքիոյ սահմանած չափորոշիչներով։
Սեփական դիմում-պահանջէն թրքական կողմի հրաժարականը գերմանական մամուլի կողմէ ներկայացուեցաւ որպէս գերմանական «տէօնէր»ի յաղթանակ՝ «տէօնէր»ներու պատերազմի մէջ, որովհետեւ Գերմանիոյ մէջ լայն տարածում ունին տէօնէրի պատրաաստութեան զանազան ձեւերը։
Թէմային անդրադարձաւ նաեւ «Պիլտ» պարբերականը, գրելով հետեւեալը. «Թուրքիա հրաժարեցաւ տէօնէրի պատերազմէն։ Հիմա ո՛չ ոք կրնայ պարտադրել թէ ինչպէս կը պատրաստուի տէօնէրը»։ Նմանօրինակ ձեւակերպումով մը հանդէս եկաւ նաեւ «Տի Վելթը, ընդգծելով որ թրքական կողմի ետքայլը «տէօնէրի բազմազանութեան յաղթանակն է»։
Լուրը՝ «Նոր Մարմարա»էն