image

Ճոնսըն եւ իր կինը փոխած են հարսանիքի հասցէն

Ճոնսըն եւ իր կինը փոխած են հարսանիքի   հասցէն

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն եւ անոր կինը` Քերին, փոխեր են իրենց նախապէս ծրագրուած հարսանեկան խնճոյքի վայրը:

The Mirror թերթը, իր հերթին, նշած է, որ Ճոնսըն, որ յայտարարած է իր հրաժարականին մասին, կը փափաքէր մի քանի ամիս մնալ պաշտօնին վրայ, քանի որ ամուսնութիւնը նշելու կապակցութեամբ կը ծրագրէր երեկոյթ կազմակերպել Չէքըրզի մէջ գտնուող իր պաշտօնական նստավայրին մէջ այս ամսուան վերջը:

Անանուն աղբիւրը ըսած է, որ հարսանեկան խնճոյքը պիտի չկայանայ: Ան նշած է, որ վարչապետը պարտքի մեծ զգացում ունի եւ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, քանի դեռ փոխարինող չէ նշանակուած:

Յայտնի է, որ, բացի Լոնտոնի Տաունինկ սթրիթ 10 հասցէով գտնուող իրենց պաշտօնական նստավայրէն, բրիտանացի վարչապետները աւանդաբար կ'օգտագործէին Չէքըրզը` 16-րդ դարի անգլիական ամառանոցը, որպէս մասնաւոր հանգստավայր, համաշխարհային առաջնորդները հիւրընկալելու վայր եւ երբեմն երեկոյթներ:

Յիշեցնենք, որ Պորիս Ճոնսըն ամուսնացած էր անցեալ տարի` 34-ամեայ Քերիի հետ` համեստ, գաղտնի արարողութեամբ: Զոյգին հարսանիքը նախատեսուած էր Յուլիս 30-ին: