image
Հրատապ լուրեր:

«Ճշմարտութիւնը միայն իշխանափոխութիւնէն յետոյ...». Զօր. Օննիկ Գասպարեան

«Ճշմարտութիւնը միայն իշխանափոխութիւնէն յետոյ...». Զօր. Օննիկ Գասպարեան

 

ԱԽ գրասենեակը հրապարակած է 30 սեպտեմբեր 2020-ի ԱԽ նիստի գաղտնազերծուած հատուածներու ձայնագրութիւնը՝ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ նախկին պետ Օննիկ Գասպարեանի զեկոյցի վերաբերեալ:

 

Աւելի վաղ ԱԽ-ն նոյն խնդրի վերաբերեալ գրաւոր գաղտնազերծած էր, երբ ԱԺ ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեանը եւս յայտարարած էր, թէ Օննիկ Գասպարեանը պատերազմի առաջին օրերուն չի ըսած՝ դրութիւնը վատ է եւ պէտք է կանգնեցնել ռազմական գործողութիւնները։

Իսկ Օննիկ Գասպարեանն ալ զգուշացուցած էր, որ «ԱԽ նիստերու արձանագրութիւնները կրնան կեղծուիլ եւ ներկայացուիլ իրենց համար ցանկալի տարբերակով»:

Ի դէպ, 30 սեպտեմբեր 2020-ի ԱԽ նիստին ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

ArmLur.am-ի միջոցով ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Օննիկ Գասպարեանը, անդրադառնալով մոնթաժուած ձայնագրութեան, պահանջած է հրապարակել այդ օրուայ նիստի եզրափակիչ մասին մէջ ՀՀ նախագահի ելոյթը եւ անկէ ետք նաեւ իր ելոյթն ամբողջութեամբ:

Իսկ թէ արդեօ՞ք պահանջը կը կատարուի, զօրավար Օննիկ Գասպարեանն արդէն 168.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է.

«Վստահ եմ, որ, եթէ նոյնիսկ հրապարակեն, մոնթաժուած է լինելու: Ճշմարտութիւնը կարող է բացայայտուել միայն իշխանափոխութեան դէպքում»:

ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր նաեւ, թէ Օննիկ Գասպարեանի ղեկավարած ԳՇ-ին վստահած, պատուիրած են արցախեան պատերազմի արդիւնքներու վերաբերեալ վերլուծութիւն-զեկոյցի մշակումը:

«Հենց ԳՇ-ն զեկոյց էր պատրաստում պատերազմի մասին, եւ այս ամսուայ ընթացքում ծրագրաւորուած ԱԽ նիստում շտաբը պէտք է զեկուցէր պատերազմի արդիւնքների մասին: Եթէ մենք ցանկութիւն ունէինք բարդել պատասխանատուութիւնը գենշտաբի վրայ, ապա ինչի՞ էինք տալիս՝ այդ զեկոյցն իրենք պատրաստէին»,- մարտ ամսուն «Սիվիլնեթ»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած էր ան:

Զօրավար Գասպարեանը 168.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ հերքած է ԱԽ-էն վերլուծութիւն կատարելու «պատուէր» ստանալու փաստը:

«Իրենք չեն պատուիրել, ես եմ ներկայացրել, որ մանրակրկիտ վերլուծութիւն է նախապատրաստուում ԳՇ-ում»,- շեշտած է Օ․Գասպարեանը:

Եւ քանի որ Օննիկ Գասպարեանն այլեւս ԳՇ ղեկավարը չէ, այն, ըստ էութեան, պիտի ներկայացնէ ԳՇ գործող պետ Արտակ Դաւթեանը: