image
Հրատապ լուրեր:

Ճիզրէյի Մէջ Ծանր Իրավիճակ. Պաշարման Հետեւանքով Դիակները Կը Պահուին Սառոյցներու Մէջ (Լուսանկար)

Ճիզրէյի Մէջ   Ծանր Իրավիճակ. Պաշարման Հետեւանքով   Դիակները  Կը Պահուին Սառոյցներու Մէջ (Լուսանկար)

Թուրքիա-  Ըստ  Թրքական  աղբիւրներու պաշարման տակ եղող  Ճիզրէ  աւանին մէջ  կը գտնուին  PKK-ի անդամ    աւելի քան  300  զինեալներ: BBC կը հաղորդէ, որ     քաղաքին մէջ  զոհուած   քիւրտերուն   մարմինները կը պահուին սառոյցի մէջ, որովհետեւ        այդ պայմաններուն տակ անհնար է մեռելները դիարհերձարան փոխադրել:  Կայանը իր կայքին վրայ նաեւ տեղադրած է 14  տարեկան  պատանիի մը դիակին նկարը պատուած `սառոյցի կտորներով:  Յիշեցնենք, որ     Ճիզրէ քաղաքի   բնակչութեան (շուրջ 120  հազար)     85 առ հարիւրը     քուէարկած է  կուսակցութեան  ցանկերուն: :   Կը  հաղորդուի նաեւ , որ պաշարման  հետեւանքով  ջուրի եւ սնունդի  լուրջ  տագնապներ կան: Երէկ Ճիզրէ հասած   կուսակցութեան պատուիրակութիւնը մինչեւ այս պահը չէ յաջողած  կոտտրել պաշարումի օղակը: Պատուիրակութեան մէջ  է նաեւ  HDP-ի     Պոլսոյ    հայազգի երեսփոխան  Կարօ Փայլան: