Թուրքիա- Ըստ Թրքական աղբիւրներու պաշարման տակ եղող Ճիզրէ աւանին մէջ կը գտնուին PKK-ի անդամ աւելի քան 300 զինեալներ: BBC կը հաղորդէ, որ քաղաքին մէջ զոհուած քիւրտերուն մարմինները կը պահուին սառոյցի մէջ, որովհետեւ այդ պայմաններուն տակ անհնար է մեռելները դիարհերձարան փոխադրել: Կայանը իր կայքին վրայ նաեւ տեղադրած է 14 տարեկան պատանիի մը դիակին նկարը պատուած `սառոյցի կտորներով: Յիշեցնենք, որ Ճիզրէ քաղաքի բնակչութեան (շուրջ 120 հազար) 85 առ հարիւրը քուէարկած է կուսակցութեան ցանկերուն: : Կը հաղորդուի նաեւ , որ պաշարման հետեւանքով ջուրի եւ սնունդի լուրջ տագնապներ կան: Երէկ Ճիզրէ հասած կուսակցութեան պատուիրակութիւնը մինչեւ այս պահը չէ յաջողած կոտտրել պաշարումի օղակը: Պատուիրակութեան մէջ է նաեւ HDP-ի Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան: