Ընթացիկ տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Հայ Ազատագրական Պայքարի ոգեշնչող կերպարներէն «Խմբապետ Ղազար»ի (բուն անունով՝ Ղազար Քոչարեան) յուշերու հատորը։
Գիրքին լուսանկարները առնուած են Լիբանանահայ գործիչ ՝ Սագօ Գասապեանի դիմատետրեան էջէն, որուն իբրեւ հետեւանք Գասապեան կատարած է արդար զայրոյթի շեշտ ունեցող կարճ գրառում-բացատրողական մը.
Ստորեւ՝ գրառումը
2022-ին լոյս տեսած սոյն գիրքին մէջ լոյս տեսած են հետեւեալ նկարները։ Անոնք, մեղմ ասած «առնուած» են էջէս (տեսնել կցուած՝ թուականներով)։
Ինծի ծանօթները եւ նոյնիսկ անծանօթները կրնան վկայել, թէ դիմումի պարագային ոչ ոքի մերժած եմ երբ ինչ որ աշխատութեան մը համար արխիւային նկարի պէտք ունեցած են, այլ՝ սիրայօժար ընդառաջած եւ տուած եմ, իսկ եթէ պատահած է որ չեմ ունեցած պահանջուածը, դիմած եմ երիտասարդ պատմաբան ընկերներուս, միա՛յն որ օգտակար ըլլամ դիմողին բարի աշխատանքին։
Յարգելով ընկեր Ղազար Քոչարեանի յիշատակը, որեւէ կոշտ հաստատում կամ բնորոշում պիտի չընեմ հոս, այլ պիտի բաւարարուիմ հարց տալով գիրքի հեղինակին եւ կամ հրատարակողին.- Իր ողջ կեանքը թալանջիներուն դէմ պայքարած ընկեր Ղազար Քոչարեանի այս երկու նկարները ուրտեղէ՞ն ձեզի։ Պարկեշտութիւն խորհրդանշող այս մարդուն յիշատակը այսպէ՞ս յարգել:
Ի դէպ սա ամենացայտուն պատճառն է, պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք ինծի անընդհատ կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ ընկերային ցանցերու էջերուս վրայ այլեւս նմանատիպ նկարներ չեմ հրապարակեր...։