Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, որ վարչապետ Փաշինեան գնահատած է լարուած:
Վերջինս հարցադրում կատարած է տուեալ իրավիճակին մէջ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ ընդգծած ռուս խաղաղապահներու կողմէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ելման դիրքեր վերադարձնելու պահանջի անհրաժեշտութիւնը:
Երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են ջանքեր գործադրել ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ: