image

Փութին-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման Վ. Փութինի Պաքու տուած այցն էր

Փութին-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման Վ. Փութինի Պաքու տուած այցն էր

Տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը ՀՀ վարչապետին տեղեկացուցած է նախորդ շաբաթ Ատրպէյճան կատարած իր այցի տպաւորութիւններուն մասին, որու համար վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Փութինին։

Զրուցակիցները պայմանաւորուած են առաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպիլ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի օրակարգի հարցեր քննարկելու համար։