image

Տարհան պիտի անցնի Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութեան տակ

Տարհան  պիտի անցնի Սուրիոյ  կառավարութեան   տիրապետութեան  տակ

Սուրիոյ բանակը կը պատրաստուի վերացնել Տարհա քաղաքին մէջ կեդրոնացած ընդդիմադիր ուժերը, այն բանէն ետք, երբ վերջիններս անցնող երեքշաբթի օր պատրաստակամութիւն յայտնած էին ռուսական երաշխիքի դիմաց հեռանալ քաղաքէն, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

 

Աղբիւրը նշած է, որ կառավարական ուժերն իրենց տիրապետութեան տակ առած են քաղաքի զգալի մասը, շրջափակելով այնտեղ գտնուող ընդդիմադիր ուժերն ու ազատագրելով Յորդանանի հետ երկրի սահմանը:

 

Նշուած է նաեւ, որ Ռուսիա որպէս միջնորդ հանդէս եկած է անցնող ուրբաթ օրը, որմէ ետք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է քաղաքը աստիճանաբար յանձնել Սուրիոյ բանակին: