Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին միակ որդին՝ 19–ամեայ Պապը, կորսնցուցած Այվազեանները որդի ունեցած են։ Ծնողները, ի պատիւ աւագ եղբօր, նորածինը անուանակոչած են Պապ: 38-ամեայ տիկին Նարինէն, դժուարութեամբ բառեր կը գտնէ՝ զգացումները նկարագրելու համար, միայն կ'ըսէ, որ երեխայի ծնունդը նոր իմաստ տուած է իրենց կեանքին:
«Քսանմէկ տարի անց շատ տարօրինակ զգացողութիւն ունեմ. կարծես Պապիս եմ գրկել: Պապը մեր տան միակ երեխան է եղել: Պապիցս յետոյ պապա ասող չունէինք, մամա ասող չկար, որոշեցինք՝ պէտք է երեխայ ունենանք, որ լոյսը կրկին մեր տուն գայ»,-ըսած է ան:
Տիկին Նարինէն նորածին Պապը շատ կը նմանեցնէ աւագ եղբօրը: Կ'ըսէ, որ Պապը ուրիշ տեսակ էր: «Պապս իւրայատուկ տեսակ էր. առաջնորդ էր իմ Պապը: Տղայիս Էջմիածնից տարել են Ջրական, տղաս գրանցուել է յատուկ ջոկատում: Տարել են Դրմբոն, այնուհետեւ Թալիշ-Մատաղիս: Տղաս շատ հայրենասէր էր, ուրախ կը լինեմ, որ Պապը նման լինի իր եղբօրը»,- ըսած է տիկին Նարինէն:
Պապ Այվազեանը ծնած է 2001 թ․ Արթիկի շրջանի Լեռնակերտ գիւղը։ Ծառայութիւնն անցուցած է Ջրականի մէջ, ապա կամաւորագրուած է Դրմբոնի զօրամասի յատուկ ջոկատային ստորաբաժանումը։ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ մասնակցած է Մատաղիս-Թալիշ հատուածին ընթացող մարտերուն։ Զոհուած է վիրաւոր հրամանատարին օգնելու ժամանակ, անոր աճիւնը մինչ օրս գտնուած չէ։