image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն ետք աղէտալի իրավիճակ է. Ասատ

Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն ետք աղէտալի իրավիճակ է. Ասատ

Սուրիոյ մէջ հզօր երկրաշարժէն ետք տիրող իրավիճակը աղէտալի է. այս մասին յայտարարած է նախագահ Պաշար Ասատը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

7,8 ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժը տեղի ունեցած է երկուշաբթի վաղ առաւօտեան, երբ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ շատերը քնացած էին։

Նշենք, որ ուրբաթ՝ 10 փետրուարի առաւօտուան դրութեամբ զոհուած է աւելի քան 21 000 մարդ, որմէ աւելի քան 18 000-ը՝ Թուրքիոյ մէջ։