Վերջին օրերուն գրանցուած ծանր մարտերէն ետք Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել Հալէպի Ըմ Ալ Քարհ հատուածը: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, շրջանը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, յատկապէս, որ այդ հատուածի գրաւումը կը փակուի ընդդիմադիր զինեալներու պարենային հիմնական ճամբան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիական բանակը կարեւոր հատուածներ գրաւած է բնակարանային թիւ 1070 անունով ճանչցուած շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ մինչեւ այս լուրին խմբագրումը թէժ մարտեր տեղի կ'ունենան այդ հատուածի բոլոր ճակատներուն վրայ: