Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակէն 2.5 տարի առաջ խոյս տուած Ղալիա Ալ Հինտի Շուէտ հասնելով նախ սկսած է երկրի լեզուն սորվիլ, այնուհետեւ որոշած է որպէս պեղիչի վարորդ վաստակիլ իր օրուան հացը:
Շուէտական հեռուստակայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Հինտի յայտնած է, որ պեղիչը վարելու դժուարութիւնները, որոնք հանդիպած էին իրեն սկզբնական շրջանին, այսօր ամբողջութեամբ վերացած են ու ամէն բան շատ աւելի դիւրին է:
Դժուարութիւնն այն է, որ Հինտի Սուրիա գտնուած շրջանին տնային տնտեսուհի էր, իսկ այսօր ան իր ընտանիքին հետ կ'ապրի Շուէտ, կը յաճախէ պեղիչներ վարելու մասնագիտական ակադեմիա եւ կ'երազէ ատամնաւոր պեղիչի կամ կռունկի վարորդ դառնալ: