image

Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Լուկանսք

Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է  Լուկանսք

Սուրիոյ կառավարութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած է Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան, եւ Լուկանսքի տեղեկատուական կեդրոնը յայտարարած է, որ այդ օժանդակութիւնը պիտի բաժնուի հանրապետութեան մանկական հաստատութիւններուն։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  «Ալ Մայատին»  կայքէն:

Իր կարգին, Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը յայտարարած է, որ ստանձնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն Սուրիայէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը: 

«13 Մարտին հանրապետութեան մայրաքաղաքը հասան Ռուսաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պատկանող ինքնաշարժները, որոնք բեռնաւորուած էին  մարդասիրական օժանդակութեամբ  ուղարկուած Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կողմէ»,- ըսուած է Լուկանսքի տեղեկատուական կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը նշած է թէ հաղորդագրութիւնը նաեւ ըսած է, որ ստանձնելն ու առաքելը տեղի ունեցած են միջազգային օրէնքներուն համապատասխան, եւ որ «գործողութեան ընթացքին որեւէ արտակարգ դէպք չէ պատահած»:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի Լուկանսքի Հանրապետութեան մէջ գործող մանկական հաստատութիւններուն: 

Հաղորդագրութիւնը նաեւ ընդգած է,- «Լուկանսքի պետական համալսարանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան հիմնարկի ուսանողները անձամբ բեռնաթափած են մարդասիրական օժանդակութեան ապրանքները»:

Յիշեցնենք, որ Սուրիան սատարեց Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի 21 Փետրուարի որոշումը, ճանչնալու Լուկանսքի եւ Տոնեցքի հանրապետութիւններու անկախութիւնը: Դամասկոս ուղղակի պատրաստակամութիւն յայտնեց ճանչնալու երկու պետութիւնները: