image

Ստիպուած են դիմել մեզի. Փութին

Ստիպուած են դիմել մեզի. Փութին

Ռուսիոյ համար կը կանխատեսէին ընկճում եւ սպառողական հատուածի անկում, սակայն Արեւմուտքը այժմ իր բնակիչներուն շաղգամ կ'առաջարկէ հազարի եւ լոլիկի փոխարէն, բայց նոյնիսկ շողգամի համար անոնք ստիպուած պիտի ըլլան դիմել մեզի, ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստին»։

«Մէկ տարի առաջ արեւմտեան իշխանութիւնները ստիպեցին իրենց ընկերութիւններէն շատերուն հեռանալ ռուսական շուկայէն, այդ ժամանակ արեւմտեան վերլուծաբանները մեզի ընկճում ու սպառողական հատուածի անկում, խանութներու մէջ դատարկութիւն, ապրաքներու զանգուածային պակաս, ծառայութիւններու ոլորտի ձախողում կը կանխատեսէին։ Սակայն կեանքը այլ ընթացք ստացաւ․ արեւմտեան երկիրները իրենք բախեցան նոյն խնդիրներու հետ», - Ռուսիոյ արդիւնաբերողներու եւ ձեռներեցներու միութեան համագումարին ըսած է Փութին:

Անոր խօսքով, իրավիճակը հասած է ատոր, որ արեւմտեան առաջնորդները իրենց քաղաքացիներուն առաջարկեն հազարի ու լոլիկի փոխարէն շողգամ ուտելու անցնիլ։ «Շողգամը լաւ մթերք է, բայց դուք, հաւանաբար, ստիպուած պիտի ըլլաք շողգամի համար ալ մեր մօտ գալ, քանի որ մեր բերքի մակարդակը դեռ զգալիօրէն կը գերազանցէ Եւրոպայի մէջ մեր հարեւաններու բերքին:

Ճիշդ է՝ այդ իրենց մեղքը չէ, եղանակային պայմաններն են այդպիսին, երաշտը եւ այլն, բայց այնուամենայնիւ, առանց մեր պարարտանիւթերու դժուար պիտի ըլլայ բարձրացնել բերքատւութիւնը», - ըսած է ան։