ԼՂՀ- «Արեւելք»ի թղթակիցը կը հաղորդէ Ստեփանակերտէն, որ այսօր երեկոյեան տեղի ունեցած է վաղը ներկայացուելիք Օփերայի փորձ: Նշենք, որ Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: Այս առթիւ նախատեսուած են շարք մը միջոցառումներ, որոնց գլխաւորը կը համարուի վաղը երեկոյեան Ստեփանակերտի «Վերածնունդի հրպարակ»ին վրայ ներկայացուելիք Վէրտիի յայտնի «Ռէքվիեմ» օփերան: Օփերան նուիրուած է Արցախեան անկախութեան համար իրենց կենաքը նուիրաբերած հերոսներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու զոյգ յիշատակներուն: օփերան կը վայելէ ՀՀ առաջին տիկին Տիկ. Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութիւնը: Նախագծի հեղինակն է Սարինէ Ավթանտիլեան եւ Օբերայի գեղարուեստական ղեկավարն է Լիոբով Գազարնովսքայա իսկ խմբավարը ՝ Անաթոլի Լեւին: Սոյն միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Հայաստանի ակադեմական երգչախումբը:
Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ին: