Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան առցանց հանդիպում ունեցած է շուրջ 40 բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնք շարունակուող շրջափակման պայմաններուն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախին: Այս մասին յայտնած են ԱՀ կառավարութիւնէն:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանն ու ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարար Արմէն Մանգասարեանը:
Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ անոնց գործունէութեան եւ այս դժուարին իրավիճակին Արցախի ու Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար:
Ան ներկայացուցած է իրավիճակն Արցախին մէջ՝ նշելով, որ ճգնաժամը չ'արտայայտուիր միայն սնունդի կամ վառելիքի բացակայութեամբ, այն խորքային ազդեցութիւն կ'ունենայ հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ. «Շրջափակումը խնդիրներ է առաջացրել ոչ միայն ամէնօրեայ կեանքում, այլեւ տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներում։ Մեր տնտեսութիւնն ամէն օր հսկայական վնասներ է կրում»:
Պետական նախարարը ներկայացուցած է նախանշուած կարեւոր վեց ուղղութիւններով կատարուող աշխատանքները՝ նկատելով, որ անոնցմէ առաջինի՝ Արցախի ենթակայնութեան բարձրացման առումով կարեւոր դեր ունին նաեւ բարեգործական կազմակերպութիւնները. «Ստեղծուել է մարդասիրական անընդունելի ճգնաժամ, որը թոյլ չի տալիս մարդկանց նորմալ եւ լիարժէք կեանք վարել։ Այդ իմաստով շատ կարեւոր է, որ դուք եւս բարձրաձայնէք այդ մասին։ Կարեւոր է ոչ միայն ձեր նիւթական օգնութիւնը, այլեւ այն, որ ձեր ձայնը հնչի, խնդիրը ճիշդ ներկայացուի աշխարհին»:
Ռուբէն Վարդանեան հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է տարբեր՝ առողջապահութեան, ընկերային, ենթակառուցուածքներու ոլորտներու ծրագիրներն ու առաջնային ընելիքները՝ կարեւորելով յատկապէս թիրախային աջակցութիւնը:
Ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարար Արմէն Մանգասարեան բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցած է բարեգործական բեռներու փոխադրման հետ կապուած գործընթացներու եւ հասցուած բեռի բաշխման մեքենականութիւններու մասին: Նախարարն ընդգծած է, որ բարեգործական եղանակով ստացուած բեռները կը բաշխուին բացառապէս անվճար՝ ընկերային գետնի վրայ անապահով խումբերուն: Գործընթացները կ'իրականացուին թափանցիկ հիմունքներով, եւ այդ մասին հաշուետուութիւնները պիտի ներկայացուին բարեգործական կազմակերպութիւններուն:
Նախարարը կարեւորած է նաեւ բարեգործական կազմակերպութիւններու հետ արդիւնաւէտ գործակցութիւնն ու մշտական կապը, որպէսզի կազմակերպութիւնները տեղեկանան առկայ կարիքներու մասին եւ անոնց օժանդակութիւնն առաւել թիրախային ըլլայ:
Հանդիպման ընթացքին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան եւ նախարար Արմէն Մանգասարեան նաեւ պատասխանած են հանդիպման մասնակիցներու բազմաթիւ հարցերուն: