Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Ամանորի եւ Ս. ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն եւ ընդունուած է Հոգեւոր եղբայրներու կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր, մասնաւորապէս, գրուած է՝
Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Քրիսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն եւ ընդունուեցաւ Հոգեւոր եղբայրներու կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի:
Միացեալ աղօթական հոգեպարար պահուան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն զրուցեց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու հետ, գնահատեց Հոգեւոր կեդրոնէն ներս տարուած աշխատանքը համայնքի հայութեան կեանքին մէջ, ապա իր հայրական օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ յորդորելով, որ հոգեւոր եղբայրները հայ-քրիստոնէական հաւատքով շարունակեն ըլլալ լոյսն ու աղը իրենց շրջապատին:
Եղբ. Կաբակչուզեան, իր կարգին, երախտագիտական խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակից Քահանայ հայրերուն` Կեդրոնին տրուած այս այցելութեան առիթով եւ անդրադարձ կատարեց Եղբայրակցութեան ներկայ աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, իր խօսքի աւարտին քաջառողջ հովուութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր: