image

«Սփիւռքը Հայաստանէն հեռացնելու կամ պառակտելու փորձերը ձախողութեան պիտի մատնուին». Արիս Պապիկեան

 «Սփիւռքը Հայաստանէն հեռացնելու կամ պառակտելու փորձերը ձախողութեան պիտի մատնուին». Արիս Պապիկեան
«Հզօր Հայաստան, հզօր Սփիւռք»ը պէտք է դառնայ ազգային մեր կարգախօսը։

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Գանատայի  խորհրդարանի հայ անդամ ՝ Արիս Պապիկեան 

 

- Շաբաթներ առաջ վերընտրուեցաք Գանատայի խորհրդարանի անդամ։ Ի՞նչ ծրագրով ընտրուեցաք եւ ինչ են ձեզի համար, որպէս գանատացի-հայազգի պատգամաւոր, ձեր առաջնահերթութիւնները։

Սքարպորօ-Էյճինքորթի շրջանը բազմամշակութային շրջան է, ուր բազմաթիւ փոքրամասնութիւններ կ’ապրին։ Իբրեւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ՝ իմ առաջնահերթութիւնս է տնտեսական եւ ընկերային օժանդակութիւն ապահովել, նեցուկ կանգնիլ շրջանի վերակառուցման ծրագիրներու աշխատանքներուն եւ շրջանի բնակիչներուն ապահովել առողջ եւ որակաւոր ապրելու պայմաններ։ Աւելին՝ արագացնել Սքարպորօ-Էյճինքորթի «Պըրչմաունթ» հիւանդանոցին, Շեփըրտ գետնուղիին ու Պրայտըլթաունի համայնքային ու առողջապահական կեդրոններուն կառուցման ծրագիրները։

 

-Ձեր ընտրութեան վերաբերեալ դրական արձագանգ մը նկատելի դարձաւ գանատահայութեան մօտ։ Առհասարակ ի՞նչ են ձեզմէ ակնկալութիւնները։

Օնթարիոյի հայութիւնը եւ այլ փոքրամասնութիւններ օրական դրութեամբ իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումները բերին վերընտրման աշխատանքներու յաջողութեան։ Աւելին՝ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ երիտասարդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ մասնակցեցան վերընտրման գործընթացին։ Այստեղ պէտք է նշել, որ կարգ մը օտար երկիրներու նեկայացուցիչներ փորձեցին խափանել իմ վերընտրման գործընթացը։

«Քորոնա» ժահրը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ Գանատայի եւ Օնթարիոյի ժողովուրդին եւ, ի մասնաւորի, երէցներուն վրայ՝ տնտեսական, նիւթական, ընկերային, առողջապահական եւ մշակութային մակարդակներով։ Հայ գաղութն ալ զերծ չմնաց վերոյիշեալ վնասներէն։

Յաղթահարելու համար դժուարութիւնները, որեւէ ճիգ չխնայեցի՝ կառավարութենէն նիւթական նպաստներ ապահովելու, որպէսզի շրջանիս կազմակերպութիւնները շարունակեն իրենց ծառայութիւնները։

Հարկ է յիշել, որ սեփական Հայ Ծերանոցի 25 տարուան ծրագրին իրականացումով թորոնթոհայերը ընդհանրապէս, եւ հարաւային Օնթարիոյի հայ գաղութը մասնաւորապէս, պիտի ունենան յաւելեալ բարեկեցիկ, բարգաւաճ կեանք, ի մասնաւորի մեր երէցները, որոնք արժանի են արդիական, արժանավայել  խնամակալութեան, որմէ հայութիւնը, առանց խտրութեան, պիտի օգտուի։ Նոյնպէս հայկական ծերանոցին    կառուցումը իմ առաջնահերթութիւններէս է։

 

 -Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան- Գանատա յարաբերութիւնները եւ այդ առումով որոշակի օրակարգ մը, կամ առաջադրութիւն մը ունիք։

Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի բացուի  Գանատայի  դեսպանատունը։ Այս մէկը արդիւնքն է գաղութիս, եւ մանաւանդ Հայ Դատի իրարայաջորդ յանձնախումբերու ճիգերուն։ Սոյն որոշումը խթան պիտի հանդիսանայ, որ Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւնները բարգաւաճին ի նպաստ երկու երկիրներուն։ Այս առումով առեւտրական եւ տնտեսական փոխյարաբերութիւններու զարգացումը կենսական է։ Աւելին, Հայաստան-Գանատա համաշխարհային կազմակերպութիւններէն ներս համադրումը եւ համագործակցութիւնը խիստ կարեւոր է։ Գանատան կրնայ յաւելեալ ներդրումներ ունենալ Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ արդարադատական համակարգի բարելաւման ի խնդիր։

 

 -Ձեր պարագային նաեւ ուշագրաւ կը համարենք այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ ցոյց կու տաք Թուրքիոյ մասին։ Ուրկէ՞ կը բխի այդ հետաքրքրութիւնը, եւ այդ առումով ալ ինչպիսի՞ն են Գանատա-Թուրքիա յարաբերութիւնները։

Պատմական գետնի վրայ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուած բնոյթ ստացած են եւ անկասկած այդ յարաբերութիւննրը պէտք է բնականոն ընթացքի դարձնել, առանց զանց առնելու պատմական իրողութիւնները։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն հիմնահարցն են, Թուրքիա որոշած է ամէն գնով  մէջտեղէն վերցնել  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման  օրակարգը  եւ Հայ Դատի, «խնդրայարոյց» թղթածրարները։

Յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ. պէտք է մարդկային իրաւունքներու օրէնքներու վրայ հիմնուելով՝  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը  հաստատել օրէնքներով, եւ ըստ օրէնքներու պահանջել վնասուց հատուցում, ըլլան անոնք անհատական, թէ հաւաքական, աւելին՝ Թուրքիա պէտք է դադրեցնէ զէնքի մատակարարումը Ատրպէյճանին։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները եւ Հայաստանի դիրքորոշումները պէտք է խիստ կարեւորութիւն ունենան ամէն մէկ հայորդիի եւ ի մասնաւորի ինծի՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի թոռան համար, երբ ներկայիս Թուրքիոյ կառավարութեան ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը Սուրիոյ, հիւսիսային Իրաքի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հանդէպ դարձած է  վնասակար։

 

-Համահայկական մակարդակի վրայ այսօր յայտնի պատճառներով խոցելի դարձած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Այդ առումով ինչպէ՞ս կը դիտարկէք իրավիճակը եւ այս կացութենէն յարմար ելքեր կա՞ն ձեր կարծիքով։

Հայաստան եւ Սփիւռք անբաժանելի երկու թեւերն են հայ ժողովուրդին, եւ ոչ մէկը կրնայ գոյատեւել՝ առանց միւսին, եւ որեւէ մէկ ուժ, եթէ փորձէ այս երկու թեւերուն միջեւ խոցելի իրավիճակ ստեղծել, ամբողջ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը տուժեն։

Սփիւռքի հայութիւնը վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին երազած եւ դաստիարակած է սերունդներ՝ հայրենասիրական շունչով եւ գաղափարներով։ Սփիւռքը իր աշխատանքներուն ընդմէջէն ցոյց տուաւ, որ Հայրենիքի գոյատեւումին, բարեկեցութեան, ժողովրդավար մթնոլորտի զարգացման եւ քաղաքական շատ մը տարբեր առումներով առանցքային ներդրում ունեցած է հայրենիքի բարգաւաճման եւ յաջողութեան մէջ։ Հայաստանի գոյութեամբ պայմանաւորուած են Հայկական Սփիւռքի գոյատեւումն ու հայեցի ապրելակերպը: Առ այդ, այս երկու թեւերուն միջեւ անցեալի եւ ներկայի գործակցութիւնը պառակտելու փորձերը ձախողութեան պիտի մատնուին։

«Հզօր Հայաստան, հզօր Սփիւռք»ը պէտք է դառնայ ազգային մեր կարգախօսը։