image

Սփիւռքի վերաբերմունքը՝ հայրենի հանքարդիւնաբերութեան

Սփիւռքի վերաբերմունքը՝ հայրենի հանքարդիւնաբերութեան

Աւանդաբար կարծիք կայ այն մասին, որ Սփիւռքը բացասական կը վերաբերի Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան՝ այն համարելով երկրի բնապահպանական խնդիրներէն մէկը: Այդ ունի իր առարկայական եւ ենթակայական պատճառները. Սփիւռքը կ'ուզէ տեսնել հայրենիք, ուր չկայ փտածութիւն, անգործութիւն, աղքատութիւն, բնապահպանական հարցեր եւ այլ խնդիրներ: Այդ արդիւնքն է սփիւռքահայերու սխալ դաստիարակութեան եւ կրթութեան. անոնք այնպիսի կրթութիւն կը ստանան դպրոցներուն, ակումբներուն, ընտանիքներուն մէջ, ուր հայրենիքը միայն վառ գոյներով կը ներկայացուի, գեղեցիկ պատկերներով եւ առանց որեւէ խնդիրի: 

Ինչ կը վերաբերի հանքարդիւնաբերութեան, ապա սփիռւքահայերը այդ ոլորտի մասին նոյնպէս սխալ պատկերացում ունին: Այդ մէկը կու գայ թէ՛ անտեղեակութենէ է եւ թէ՛ տարիներ շարունակ Հայաստանի մէջ ծաւալուած կեղծ բնապահպանական շարժումներու առաջացուցած աղմուկէն, որու ալիքները հասած են նաեւ սփիւռք.  աւելին, որոշ սփիւռքահայեր նաեւ Հայաստանի մէջ մասնակցած են այդ շարժումներուն՝ առանց հասկնալու հանքարդիւնաբերութեան նշանակութիւնը երկրի մը համար: Անկէ բացի՝ շատ մը հայաստանցիներու պէս սփիւռքահայերը նոյնպէս քիչ պատկերացում ունին կայուն զարգացումի, պատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան, համայնքային զարգացման կարեւորութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու մասին, որոնք ուղղակի առնչուած են հանքարդիւնաբերութեան: Մինչդեռ սփիւռքահայերը ոչ միայն պէտք է խորութեամբ ուսումնասիրեն այս հարցերը, այլ նաեւ ներդրումներ կատարեն հանքարդիւնաբերութեան եւ յարակից ոլորտներու մէջ, որոնց կարիքը իրապէս կայ ընդհանրապէս՝ Հայաստանի մէջ: 

 

«Արեւելք» զանազան առիթներով անդրադարձած է սփիւռքի վերաբերմունքին այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ ոլորտի պատասխանատուներու հետ մեր հարցազրոյցներու ընթացքին միշտ արծարծած ենք այս խնդիրները: Ամփոփելով թեման, կը ներկայացնենք հատուածներ այդ հարցազրոյցներէն.-

 

«Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն» (ԶՊՄԿ) Փակ Բաժնետիրական ընկերութեան Կայուն զարգացման գիծով տնօրէն եւ միեւնոյն ժամանակ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ստեփանեան հայրենի  հանքարդիւնաբերութեան հանդէպ սփիւռքի վերաբերմունքի մասին ըսած է.-

«Սփիւռքի կողմէ մեր հանքարդիւնաբերութեան հանդէպ տարբեր դրսեւորումներ տեսած եմ: Սփիւռքի մէջ մաս մը կայ, որ Հայաստանին կը նայի իբրեւ Տիզնիլենտ կամ Ուոնտըրլենտ, կը նայի իբրեւ երկիր մը, ուր պէտք չէ ըլլայ հանքարդիւնաբերութիւն: Իմ ուղերձը եւ նաեւ խնդրանքը մեր սիրելի հայրենակիցներէն այն է, որ վերանային իրենց այդ մօտեցումը: Այդ կերպով նայիլ հայրենիքին՝ կը նշանակէ իյնալ պատրանքներու մէջ,  ապրիլ իրականութենէ կտրուած: 

Որպէսզի մենք ունենանք զարգացած երկիր եւ զարգացած տնտեսութիւն, մենք պէտք է ունենանք զարգացած հանքարդիւնաբերութիւն: Կը շեշտեմ յատկապէս զարգացած բառը, որովհետեւ ժամանակակից, զարգացած հանքարդիւնաբերութիւնը կ՚ենթադրէ կայուն զարգացման բոլոր ուղղութիւններու իրականացում, իսկ անոր կարեւորութիւնը արդէն նշած եմ: Այո՛, մեզի պէտք չեն հանքավայրեր, որոնք կ՚աղտոտեն շրջակայ միջավայրը, այս հարցով ես համակարծիք եմ բոլորին հետ, բայց նաեւ վստահ եմ, որ կարելի է կազմակերպել հանքարդիւնաբերութիւնը՝ մաքուր պահելով շրջակայ միջավայրը   եւ վստահ, ուղիղ նայելով բոլորի աչքերուն՝ կրնամ ըսել, որ մենք կը կարողանանք ընել այդ: Իսկ մեր սփիւռքահայերուն մէջ կայ մաս մը, որ համակարծիք է իմ հետ այն առումով, որ մեր պետութիւնը պէտք է ունենայ ուժեղ տնտեսութիւն, իսկ ուժեղ տնտեսութիւնն ուղղակի կապուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ: Եւ ես այդ գիտակից հատուածէն կը խնդրեմ, որ այս հարցերը աւելի բարձրաձայնեն սփիւռքի տարբեր շրջանակներու մէջ. սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ անհրաժեշտութիւն կայ տարբեր խումբերու, տարբեր երկիրներու մէջ ամէն առիթով միշտ կարեւորել մեր հայրենիքի այս ոլորտը, ողջունել նոր հանքերու բացումը, որովհետեւ նոր հանքը կը բերէ նոր գիտարուեստներ, նոր գիտելիքներ, նոր փորձառութիւններ, նոր կարողութիւններ մեր երկրին, որոնք այսօր անհրաժեշտութիւն են: Միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան մասին չէ խօսքը, միայն անով պիտի չբաւարարուինք, եւ մեր պետութեան ապագան պէտք է կառուցենք ուժեղ տնտեսութեամբ, ուժեղ կրթութեամբ, հզօր բանակով: Այս ամէն ինչը իրարու հետ շաղկապուած է»:  

Իրաւաբան, պետական զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած եւ «Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի նախագահ՝ Տիար Արտիոմ Գեղամեան այդ մասին ունի հետեւեալ կարծիքը.

 

«Պետութեան ձախողումներու հիմնական պատճառներէն մէկը Հայաստան-Սփիւռք կապերու չգոհացնող վիճակն է։ Վստահութիւն չկայ Սփիւռք եւ Հայաստան բնակող հայերուն միջեւ։ Այս մէկը ունի իր տարբեր բացատրութիւնները՝ մշակութաբանական, պատմական, եւայլն։ Էական կը մնայ անշուշտ այն հարցադրումը, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք որպէսզի աւելցնենք մեր սփիւռքահայ ներդրողներու հետաքրքրութիւնը, որպէսզի անոնք մտածեն ՀՀ հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ ներդրում կատարել։ Անշուշտ սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, յոյզերը Հայաստանի նկատմամբ շատ կարեւոր են, սակայն անոնք գործնական իմաստ չեն ունենար, եթէ չհամադրուին   գործնապաշտ  նկատառումներու հետ, ինչպիսիք են ներդրումային բարենպաստ միջավայր ապահովելը, պետական երկարաժամկէտ, կայուն եւ  կանխատեսելի քաղաքականութիւններու (policies) առկայութիւնը, Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան (corruption) դէմ ա՛լ աւելի արդիւնաւէտ պայքար մղելը, աւելի անկախ եւ կանխատեսելի դատական համակարգ ստեղծելը  եւ այլն։    Ըսեմ, որ մեր կազմակերպութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ սերտօրէն աշխատիլ կառավարութեան հետ, օգնել կառավարութեան մեր մասնագիտական կարողութիւններով, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ սահմանել եւ իրականացնել աւելի բարձր բնապահպանական չափանիշներ Հայաստանի համար, որովհետեւ միայն համապատասխան չափանիշներու պարագային մենք կրնանք հասանելիութիւն ունենալ միջազգային դրամական (financial) կեդրոններու ֆինանսական արտադրութիւններուն։ Առեւտուրի մէջ, ներդրողին համար ամէնէն կարեւորը բազմազանութիւնն է։ Ներդրողները կու գան ոչ միայն անձնական, այլ նաեւ պետական՝ խմբակային տնտեսութեամբ (Portfolio Finances)։ Այս բոլոր ենթակառուցուածքը (infrastructure) կերտելու համար, մենք պէտք ունինք բարձր չափանիշներու, որոնց շնորհիւ ալ ապագային պիտի ունենանք դրական արդիւնք, եւ կերտենք ուժեղ պետութիւն»։

 

 Նիւթը ՝ «Արեւելք»ի