Հաւասարում նորոգ միջոցառումին միամեակին առիթով, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը հրապարակէ Արա Մածունեանի հեղինակած վաւերագրական ֆիլմը՝ նուիրուած այս եզակի իրադարձութեան։
2024-ի յուլիսին,14 երկրներէ 36 հայ մտաւորականներ հաւաքուեցան Լիզպոն՝ եռօրեայ հանդիպումի մը, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ։ Կեդրոնանալով Հայկական Սփիւռքի հարուստ մտաւորական եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ, միջոցառումը խթանեց միջսերնդային երկխօսութիւն մը եւ առիթ տուաւ բազմաթիւ զրոյցներու։
Տարբեր քննարկումներու, լուսարձակ նիստերու, ճաշի, սուրճի ընդմիջումներու եւ այլ հանդիպումներու ընթացքին կար մշտականդիտորդ մը՝ տեսախցիկը, որ ամեն ինչի կը հետեւէր. ամբողջական եռօրեայ վաւերագրումէ մը ետք, Հաւասարում նորոգ միջոցառումի ոգիին խտացումը յանձն առաւ բեմադրիչը։ Ինչպէ՞ս կարելի է նման միջոցառումի էութիւնը փոխանցել շարժանկարի միջոցով։ Կարելի՞ է ամփոփել զրոյցներն ու բանավէճերը իրենց համապատասխան շրջարկներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է համադրել այդքան բովանդակութիւն՝ բազմաձայն միտքերով եւ տեսակէտներով։
Որպէս վաւերագրական ֆիլմին բեմադրիչը, Արա Մածունեանի միտքերը լոյս կը սփռեն շարժապատկերի ստեղծումին, ինչպէս նաեւ դիտելու գործընթացին վրայ։
«Երեք օրուան ընթացքին տեսախցիկին ետին ըլլալը ինծի իւրայատուկ տեսանկիւն մը պարգեւեց։ Ես քննարկումներուն չմասնակցեցայ, բայց միշտ կը դիտէի ու կը լսէի՝ ո՛չ միայն այն ինչ մարդիկ կ՚ըսէին, այլեւ ինչպէ՛ս կ՚ըսէին. դադարները, զանազան միջամտութիւններէն յետոյ տեղի ունեցող շրջումները եւ խոկումի պահերը, որոնք նոյնքան մեծ կշիռ ունէին։
Պատիւ էր շրջապատուած ըլլալ այդպիսի մտածող մարդոցմով, եւ ականատես ըլլալ այդ իմաստալից հաւաքին։ Որպէս միակ մշտականդիտորդ՝ ես նկատեցի թէ ինչպէս գաղափարներ, զգացումներ եւ կապեր ժամանակի ընթացքին դանդաղօրէն կը միահիւսուէին։ Այս է որ կը փորձէի «բռնել» նկարահանումներուն ժամանակ։ Յուսամ որ տեսանիւթը կ՚արտացոլէ ոչ միայն նոյնինքն իրադարձութիւնը, այլեւ նոյն սենեակին մէջ գտնուելու զգացողութիւնը»։
Արա Մածունեան, ֆիլմի հեղինակ։
Կը հրաւիրենք դիտելու այս լսատեսողական զեկոյցը, որ կ՚արտացոլէ ժամանակակից Հայ Սփիւռքի միտքը։
Ֆիլմը նուիրուած է Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին։