image

Սպանութիւն Գիւմրիի մէջ. 20-ամեայ ռուս զինուորը խեղդելով սպանած է 37-ամեայ ընկերուհին. shamshyan.com

Սպանութիւն Գիւմրիի մէջ. 20-ամեայ ռուս զինուորը խեղդելով սպանած է 37-ամեայ ընկերուհին. shamshyan.com

Գիւմրիի մէջ 20–ամեայ երիտասարդը սպանած է 37-ամեայ ընկերուհին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ոստիկանութիւնը։

Ոստիկանութեան Գիւմրիի բաժինը 24 դեկտեմբերին` ժամը 03.30-ին, տեղեկութիւններ ստացած է, որ Մանուշեան փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ սպանութիւն եղած է:

«Ձեռնարկուած օպերատիւ-հետախուզական միջոցառումների արդիւնքում ժամը 04.50-ին Գիւմրու Շահումեան փողոցի շէնքերից մէկի մօտ յայտնաբերուել, սպանութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուել եւ Գիւմայրիի բաժին է տարուել 20-ամեայ մի երիտասարդ»,–յայտնած է ոստիկանութիւնը։

Երիտասարդը խոստովանած է, որ իրենց վարձակալած բնակարանին մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան ժամանակ խեղդամահ ըրած է ընկերուհին:

37-ամեայ կնոջ դիակը յայտնաբերուած է նշուած բնակարանի հիւրասենեակի յատակին:

Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւներով՝ կասկածեալը Ռուսիոյ քաղաքացի, Գիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան 102-րդ ռազմակայանի պայմանագրային զինծառայող 20-ամեայ Ալեքսէյ Պ․-ն է, որ վարձակալական հիմունքներով կը բնակէր Եկատերինա Բ․-ի հետ։

Սպանուածը պարուհի էր։

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս սպանութեան յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։